2014-06-06 11:27:38

Եկեղեցի, տաճար եւ մզկիթ` մէկ քանիքի տակ


«Տէօչը Վելը» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ ներկայացուած է աշխարհի երեք գլխաւոր միաստուածեան կրօններու` քրիստոնէութեան, հրէութեան եւ իսլամութեան համար միասնական աղօթավայրի շինարարութեան նախագիծը:
Առաջին քարի խորհրդանշական փոխանցումը կատարուած է 3 յունիսին` ապագայ շինարարութեան վայրին մէջ: «Հաուս աֆ Ուան» անունով տան նախագիծին նախաձեռնողները կը նշեն, որ աղօթավայրը պիտի կառուցուի Պերլինի կեդրոնը` Փեթրի հրապարակի շրջանին մէջ, ուր 1237-ին հիմնադրուած է Պերլին քաղաքը:
Շինարարութիւնը պիտի ֆինանսաւորուի բացառապէս մասնաւոր ներդրումներու միջոցով: Անհրաժեշտ 43 միլիոն եւրոյէն հաւաքուած է 2050 եւրօ: Շինարարութիւնը պիտի սկսի, երբ հաւաքուի առաջին 10 միլիոն եւրոն, մօտաւորապէս 2016-ին: Նախագիծին նպատակը, ըստ նախաձեռնողներուն, «խաղաղ եւ բաց երկխօսութիւն զարգացնելն է կրօններուն եւ մշակոյթներուն միջեւ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.